2014-01-27 12:18:32

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Աւստրիոյ եպիսկոպոսներու կանոնական հնգամեայ այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


Վատիկան, 27 Յունուար 2014։
Երկուշաբթի, 27 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Անճելօ Ամաթօն որմէ ետք, Նորին Սրբութիւնը, ունկնդրութիւն շնորհեց Աւստրիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ` ութը եպիսկոպոսներուն որոնք ժամանած են Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, գլխաւորութեամբ Վիէննայի արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորնի, որ միաժամանակ Աւստրիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է եւ վիճակաւորը Աւստրիոյ Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն։ Յայտնենք որ աշխարհի կաթողիկէ եպիսկոպոսները, պարտականութիւնն ունին հինգ տարին անգամ մը, հանդիպում ունենալու Հռոմի Քահանայապետին եւ անոր անմիջական գործակիցներուն հետ անոնց փոխանցելու իրենց առաքելավայրերու եւ թեմերու իրավիճակի տեղեկութիւնները ու միասնաբար քննարկելու թեմերը յուզող հրատապ հարցերը։
Աւստրիան ունի 83,879 քմ տարածք եւ 8 միլիոն 440 հազարէ աւելի բնակչութիւն, որուն 63,4 % կաթողիկէներէ կազմուած է, 4% բողոքականներէ, 5% մահմետականներէ, մինչ հրեայ կրօնի հաւատացեալներու թիւը 10 -20 հազար է, իսկ մնացածը անկրօն նկատուած են։
Աւստրիոյ մօտ առաքելական նուիրակն է` գերապայծառ Փիթէր Ստէֆան Ծուրպրիկէն։
Յայտնենք որ Աւստրիոյ եպիսկոպոսներուն վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած էր 2009ին, որուն ընթացքին վերակոչուեցաւ Աւստրիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ապրած հաւատքի տագնապը եւ կարգ մը յառաջադէմ քահանաներու ըմբոստ կեցուածքը հանդէպ նուիրապետութեան։ Նշենք նաեւ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, վերջերս, Վիեննայի առաջնորդը` կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորնը նշանակած է որպէս Վատիկանի դրամատան յանձնախումբի անդամ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.